ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը կը մեկնի Սուրիա
Մայիս 21-ին, Կառավարութեան նիստի ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ սուրիահայերու խնդիրներուն, տեղեկացուցած է, որ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի յանձնարարութեամբ Արտաքին գործերու նախարար Էդվարդ Նալպանտեան յառաջիկային պիտի այցելէ Սուրիա` ծանօթանալու իրավիճակին:
Հրանոյշ Յակոբեան նաեւ նշած է, որ Սուրիա կը մեկնին պատգամաւորներու խումբ, ինչը որոշ չափով ուժ կու տայ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն:
Նախարարը աւելցուցած է, որ իրենք պայմանաւորուած են նաեւ սփիւռքեան շարք մը կազմակերպութիւններու հետ` Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: