Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ քննարկուեցան «Արի տուն» ծրագիրի կազմակերպական հարցերը
Մայիս 18-ին Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմին հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Տարօն Մարգարեան քննարկած են ծրագիրին հետ կապուած որոշ հարցեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2015թ. ծրագիրի ծիրէն ներս, այս տարի եւս Երեւանը կը հիւրընկալէ սփիւռքէն ժամանած հազարէ աւելի պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրի ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ մշտապէս ցուցաբերուող աջակցութեան եւ պատրաստակամութեան համար` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նկատած է, որ ամէն տարի ծրագիրի մասնակիցները քաղաքամայր Երեւանէն կը հեռանան տպաւորուած ու դարձեալ վերադառնալու սպասումով: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Այս տարիների ընթացքում «Արի տուն» ծրագրով աւելի քան հինգ հազար սփիւռքահայ պատանիներ ու երիտասարդներ են այցելել հայրենիք: Եւ առաջինն, ի հարկէ, ինչ տեսնում, յիշում եւ տպաւորւում է` Երեւանն է: Մայրաքաղաքով է, որ երիտասարդութիւնը նոր ուժ է ստանում ու յաջորդ տարի արդէն այստեղ վերադառնում ընտանիքներով, ինչի համար իսկապէս շնորհակալ եմ Ձեզ, պարոն քաղաքապետ, եւ բոլոր այն պատասխանատուներին, ովքեր սրտացաւօրէն ամէն ջանք գործադրում են Երեւանը երեւանցիների ու նաեւ մայրաքաղաքի հիւրերի համար յարմարաւէտ, ջերմ եւ հիւրընկալ տան մթնոլորտով ապահովելու համար: Այս տարի ծրագրի առաջին փուլով, որը կը մեկնարկի Յունիսի 15-ից, Երեւան կը ժամանի շուրջ 200 երեխայ»:
Տարօն Մարգարեան ընդգծեց, որ արդէն աւանդական դարձած այս ծրագիրին շնորհիւ սփիւռքի նախարարութեան հետ բազմաթիւ երեխաներու հիւրընկալած են Երեւանի վարչական շրջաններու հիւրընկալ ընտանիքներէն ներս: Այս տարի եւս քաղաքապետարանը իր լիազօրութեան ծիրէն ներս պատրաստ է համագործակցութեան յաջող ընթացքի ապահովման համար հնարաւորին աջակցելու ինչպէս նախարարութեան այս, այնպէս ալ յետագայ ծրագիրներուն. աւելցուց քաղաքապետը` պատասխանատուներուն յանձնարարելով նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ ծրագիրի` քաղաքապետարանի մասով պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման ուղղութեամբ:
Ծրագիրի իրականացման նպատակով որոշուեցաւ ձեւաւորել համատեղ աշխատանքային խումբ:
Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի մասնակիցներու հիւրընկալման գործին մէջ ունեցած զգալի ներդրման համար ՀՀ սփիւռքի նախարարը մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա, Էրեբունի, Քանաքեռ-Զէյթուն, Շէնգաւիթ, Դաւթաշէն եւ Աջափնեակ վարչական շրջաններու ղեկավարներուն յանձնեց «Լաւագոյն գործընկեր վարչական շրջան» անուանակարգի հաւաստագիրներ: