Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ «Արտ էքսփօ» ցուցահանդէսը

Մայիս 19-ին, ժ.19:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Հայ Արտ» մշակութային կեդրոնի եւ «Վարդգէս Խախամեան Բուզանդ» ԱՁ-ի հետ համատեղ «Հայարտ» մշակութային կեդրոնին մէջ (հասցէ`Մաշտոցի պող. 7ա) պիտի մեկնարկէ «Արտ էքսփօ» ցուցահանդէսը, որ Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի առաջին անգամ:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած պիտի ըլլան Հայաստանի, Սփիւռքի եւ օտարազգի 50 նկարիչներու աշխատանքներ:
Համերգին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ արուեստագէտներ, հիւրեր:
Ձեռնարկին երաժշտական համարներով հանդէս պիտի գան Տաթեւ Սասունեան եւ Դաւիթ Գեղամեան:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Մայիս 29: