«Տուտուկի Փառատօնի» Մասնակիցները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս «Տուտուկի փառատօն»-ի մասնակիցները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Տապաղեան:

Նախարարը ողջունեց հիւրերը եւ նշեց, որ մշակութային ձեռնարկները նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին են, քանի  որ մշակոյթը կը համախմբէ երիտասարդութիւնը: Մենք ոչ միայն 100-աւոր մշակութային խումբեր ունինք, այլեւ հայ մշակոյթը կրող բազմաթիւ մեծ անհատականութիւններ, մեծերը ճանչնալով եւ արժեւորելով, սփիւռքի մէջ սերունդները հայ կը մնան:

«Դուք նպաստում էք, որ երաժշտութեան, տուտուկի լեզուով հայկական մշակոյթը ճանաչելով ու սիրելով սփիւռքահայերը, եւ, ինչու ոչ, օտարազգիները դառնան հայ մշակոյթի կրողներ: Դրա վառ վկայութիւնն է «Տուտուկի փառատօնին» գերմանացի երաժիշտներ Սիորէն Պիրկէի, Սիմոն Փաուլինի, Տիրկ Միխայիլիսի եւ Ս. Փեթերսպուրկում բնակուող ազգութեամբ քորիացի Վալերի Նամի մասնակցութիւնը փառատօնին եւ երէկ Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տանը տեղի ունեցած հանդիսաւոր համերգի` նրանց հրաշալի կատարումները»,- ըսաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Գերմանացի երաժիշտ եւ արտադրող Սիորէն Պիրկեն նշեց, որ ինք կապուեցաւ հայ ժողովուրդին ու անոր մշակոյթին «Գլադիատոր» շարժանկարի եւ մեծ մայեսթրօ Ջիւան Գասպարեանի արուեստի շնորհիւ` ընդմիշտ սիրահարուելով տուտուկին եւ հայ երաժշտութեան: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Հայ մշակոյթի սերմը կ’աճի գերմանական հողին վրայ,  որդիս եւս կը հետաքրքրուի տուտուկով: Երբ 2006թ. առաջին անգամ լսեցի Կոմիտասի ձայնը, հասկցայ, որ ես պէտք է գամ Հայաստան»:

Սիորէնը Պերլինի մէջ կազմակերպած է Գէորգ Տապաղեանի մենահամերգը, 2014թ. Դեկտեմբեր 6-ին եւս Գէորգ Տապաղեան Պերլինի մէջ հանդէս պիտի գայ համերգով, որ պիտի նուիրուի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Այժմ աւարտին  կը մօտենան Ջիւան Գասպարեանին եւ տուտուկին նուիրուած շարժանկարի աշխատանքները: «Տուտուկը զուտ հայկական գործիք է, այն հոգիի թռչուն է, որ կը փոխանցէ ջերմութիւն, տան մէջ գտնուելու զգացողութիւն»,- եզրափակեց իր խօսքը գերմանացի երաժիշտը:

Քորիացի Վալերի Նամը եւս հմայուած է տուտուկով եւ եկած Հայաստան` աշակերտելու Գէորգ Տապաղեանին եւ դարձած հայկական  երաժշտութեան սիրահարն ու ունկնդիրը: Վալերի Նամը քրիստոնէութիւն  ընդունած է` կնքուելով Գեղարդի վանքին մէջ:

Քննարկուեցան փառատօնի հետ կապուած հարցեր:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահեցուցին` պիտի զարգացնեն հայ տուտուկահարներու աւանդոյթները, որ իրենք պիտի հնչեցնեն տուտուկի մեղեդին:

Scroll Up