«Ճերմակ Արագիլ» Եւ «Ծիրան: Հայաստանի Օրհնուած Ծառը» Վաւերագրական Շարժանկարներու Ցուցադրութիւն Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Օգոստոս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ բեմադրիչ Շիրակ Խոճայեանի «Ճերմակ արագիլ» եւ «Ծիրան: Հայաստանի օրհնուած ծառը» վաւերագրական շարժանկարներու ցուցադրութիւնը:  Շարժանկարներու դիտման ներկայ էին սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, տէր եւ տիկին Շիրակ եւ Սեդա Խոճայեանները, շարժանկարներու ստեղծագործական խումբերու ներկայացուցիչներ, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ:

Շիրակ Խոճայեան բեմադրիչ, խմբագիր եւ կինոլուսանկարիչ: Ծնած է Պաղտատի մէջ եւ մինչեւ 1977 թ. ղեկավարած է Իրաքի պետական հեռուստաընկերութեան ֆիլմարտադրութեան բաժինը: 1977 թ. տեղափոխուած է ԱՄՆ:
1979 թ. Շիրակ Խոճայեան ստեղծած է առաջին հայալեզու հեռուստածրագիրը`
հայկական հեռուստաժամանակը, աշխատած է շատ հոլիւուտեան շարժանկարներու վրայ` որպէս  բեմադրիչ-լուսանկարիչ:

Երկու շարժանկարները  ճանաչողական արժէք ունին եւ կը նեկայացնեն հայ ժողովուրդի արժեհամակարգին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցնող խորհրդանիշներ: «Ճերմակ արագիլ» շարժանպատկերը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի համար գարնան, լուսաւոր ապագայի ու բարութեան խորհրդանիշ արագիլներու պատմութիւնը: Հայաստանի գիւղերուն մէջ հաստատուած արագիլներուն հանդէպ բնակիչներու սիրոյ ու բարեհաճ վերաբերմունքին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի բնութեան պահպանութեան բաժանմունքին կողմէ իրականացուցած հետազօտական աշխատանքներուն մասին է շարժանկարը:

«Ծիրան: Հայաստանի օրհնուած ծառը» շարժանկարը հայոց արեւահամ ծիրանի ու ծիրանենիի մասին է:

Շիրակ Խոճայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցադրութիւնը կազմակերպելու համար: «Կը կարծեմ, որ  ֆիլմը կը նպաստէ անգլիալեզու երիտասարդներուն ազգային արժէքներուն հետ կապուելուն»,- ըսաւ ան:

Բարձր գնահատելով տէր եւ տիկին Շիրակ եւ Սեդա Խոճայեաններու հայանպաստ գործունէութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  անոնց պարգեւատրեց նախարարութեան պատուոգիրով:

Scroll Up