Կոմիտասեան Կատարումները ճափոնական Կոտօ Նուագարանի Ուղեկցութեամբ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս Վարդապետ» փառատօնի ծիրէն ներս սեպտեմբեր 30-ին, Հ. Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ կայացաւ Կոմիտասին նուիրուած համերգ` ճափոնական կոտօ նուագարանի
ուղեկցութեամբ: Համերգին ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Երեկոն սկսաւ Ճափոնէն ժամանած կոտոյահար Ասուկա Եօշիզակիի եւ ջութակահար Կարէն Իսրայէլեանի ելոյթով: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ճափոնական կսմիթային գործիք կոտօն: Հնչեց Կոմիտասեան երաժշտութիւնը` ջութակի եւ կոտօ նուագարանի ուղեկցութեամբ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Աւստրիայէն ժամանած ճափոնցի երգիչ
Եուհէյ Ծուչիդան:
Վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ Կոմիտասին նուիրուած «Յաւերժի ճամփորդը» ներկայացման անդրանիկ ելոյթը` «Ծաղկազարդ» երգչախումբի եւ Սարգիս Նաջարեանի մասնակցութեամբ:
Մարիաննա Անանեան