Սուրիահայ երգչուհի. «Հայկական երաժշտութիւնը իմ ամենամեծ գանձն է» (տեսանիւթ)
Սուրիահայ երգչուհի Լենա Շամամեան, որ մօտակայ օրերուն կը պատրաստուի մենահամերգով հանդէս գալ Սթամպուլի մէջ, հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին հարցազրոյց մը տուած է:
Արաբական երաժշտութեան ասպարէզին մէջ լաւագոյն կատարողներէն մէկը հանդիսացող երգչուհին նշած է, որ հայկական երաժշտութիւնը իր ամենամեծ գանձն է:
«Աշխարհի բոլոր հայերուն պարագան նոյնն է, պէտք է մեր ապրած երկիրներուն լեզուն լաւ գիտնանք։ Առանց այս կարողութեան ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հաղորդակցիլ շրջապատին հետ։ Շատ կարեւոր էր ինծի համար որ երգեմ ու խօսիմ արաբերէն։ Հայկական երաժշտութիւնը սակայն, կեանքիս ամենէն մեծ գանձն է։ Այսօր իսկ, նոյնիսկ երբ արաբերէն է երգածս, մարդիկ կ՚ըսեն թէ իրականութեան մէջ հայերէն է որ կ՚երգեմ, սակայն արաբերէն բառերով։ Եւ եթէ չերգեմ արաբերէն, արաբներուն համար ոչ մէկ բան պիտի նշանակէ հայկական երաժշտութիւնը, բայց երբ հայկական ազդեցութեամբ է որ կ’երգեմ արաբական երգերը, իրենք կը սորվին թէ ինչ է հայկական երաժշտութիւնը։ Սուրիոյ մէջ այսպէս եղած է նաեւ այլ ասպարէզներու պարագային։ Բոլոր սուրիացիները գիտեն որ հայերը մաս կազմած են ընդհանուր հասարակութեան, պահելով հանդերձ իրենց իւրայատուկ ինքնութիւնը։ Ճանչցուած են որպէս գործունեայ եւ համերաշխ ժողովուրդ, որ ինչքան ալ մատնուին դժուարութիւններու, կարողութիւնը ունին վերապրելու եւ վերստին կերտելու։ Ինծի համար ինքնութեանս այս գիծը միշտ շատ կարեւոր եղած է»: Ըսած է Լենա Շամամեան:
Լենա Շամամեան սուրիահայ երգչուհի է, ծնած է Դամասկոս: Սկսած է երգել հինգ տարեկանէն: Եղած է տարբեր միջզգային երաժշտական մրցոյթներու դափնեկիր: Ան Կ’երգէ արեւելեան ճազ: Բացի արաբական երգերէն Լենա Շամամեան կ’երգէ հայկական երգեր, որոնցմէ է «Սարերու հովին մեռնեմ» երգը: