Լոյս Տեսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած «Ընդ Եղէգան Փող» Բանաստեղծութիւններու Ժողովածոյ
Լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Ընդ եղէգան փող» պոէզիայի ժողովածոն: Ըստ NEWS.am-ի՝ Ռուս-հայկական սլաւոնական համալսարանի տնօրէնի օգնական Գոհար Ղումաշեանը յայտնած է, որ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն հրատարակած է Ռուս-հայկական սլաւոնական համալսարանը, ուր 2009-էն կը գործէ սեփական տպարանը:
Գիրքը ներկայացուած է հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակով: Հաւաքածոյի վրայ աշխատած է գրականագէտներու, թարգմանիչներու եւ սրբագրիչներու մեծ խումբ մը: Հաւաքածոյին մէջ ներառուած են արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծներու, դասական եւ ժամանակակից գրողներու գործերը, որոնք կը լուսաբանեն Հայոց ցեղասպանութեան թեման: Այդ ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՛ընդգծուի հայ ազգի` ապրելու եւ մտածելու կամքը, անոր անխափան հաւատքը դէպի վաղուան նոր, հզօր, լոյսով եւ հաւատով ողողուած հայրենիքը:
Ղումաշեանի խօսքով` գիրքին շնորհանդէսը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Մայիս 21-ին «Արթպրիճ» գրախանութին մէջ, որմէ ետք գիրքը պիտի ներկայացուի նաեւ Մոսկուայի մէջ: