Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը լաւագոյն առիթն է՝ հարթելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները. Չեխիացի վերլուծաբան

Չեխիացի քաղաքական վերլուծաբան Անտրէ Քոսինան քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռիճեպ Թայիպ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը հանդէպ Սուրիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին։ Հայերն Այսօրի փոխանցմամբ այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը:
Քոսինան իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Սուրիոյ ղեկավարութեան հանդէպ Էրտողանի ունեցած թշնամական կեցուածքին եւ “Իսլամական եղբայրներ”-ուն, որ ահաբեկչական անօրինական կուսակցութիւն է Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրhերու մէջ:
Քոսինան շեշտած է, որ Թուրքիան հարիւր տարի անց տակաւին չէ կրցած կարգաւորել ինքզինքը իր պատմութեան հետ եւ ընդունիլ իր պատասխանատւութիւնը այն յանձագործութեան, որ կատարեցին իրենց նախնիները եւ այս մէկը երբեք զարմանալի չէ, քանի որ անոր նախագահը կը սահմանափակէ ժողովրդավարութիւնը եւ կը փորձէ քայքայել աշխարհիկ կարքը, ինչպէս նաեւ կը պարտադրէ իր իսլամական հայեացքները հանրային կեանքին մէջ եւ կը գործադրէ օսմանական գաղութատիրական նոր քաղաքականութիւն:
Քոսինայի տեսակէտով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը լաւագոյն առիթն է՝ հարթելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները: