Արաբական կուսակցութիւններու ընդհանուր համագումարը կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Արաբական կուսակցութիւններու համագումարը յայտարարութիւն տարածած է, ուր մէջ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայերն Այսօրի փոխանցմամբ այս մասին կը յայտնէ www.aztagarabic.com կայքէջը՝ վկայակոչելով ԱլԹաուրա թերթը:

Հ.Յ.Դ ԿԿ ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին յղուած նամակին մէջ ըսուած է` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, որ գործադրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր. Բնաջնջման արարք մը, որ ամօթանք մըն է մարդկութեան ճակատին, որ սկիզբն էր պետական ահաբեկչութեան նորագոյն պատմութեան մէջ:

Համագումարը կը դատապարտէ այս սպանդը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ձեր կուսակցութեան եւ անոր շարքային անդամներուն:

Համագումարի ընդհանուր քարտուղար Քասիմ Սալիհ պահանջեց դատել Թուրքիոյ կառավարութեան պատասխանատուները միջազգային դատարանին մէջ:

Scroll Up