Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Կից Ատեանի Նիստը

Յուլիս 10-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը: Օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր  3 հիմնական հարց.

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքահայ երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի իրականացման ընթացքին մասին զեկուցեց  ՀՀ ՍՆ աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի իրաւաբանական վարչութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուց իրաւաբանական վարչութեան պետ  Լուիզա Ծատուրեան:

Յունիս 17-23 Մարսէլի մէջ կայացած «Ֆրանս-Հայկական Գերազանցութեան շաբաթ»-ի ձեռնարկներուն վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Հրաչեայ Ասլանեան:

Ամփոփելով նիստը, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց, որ  «Ֆրանս-հայկական Գերազանցութեան շաբաթ»-ը Մարսէլի մէջ կազմակերպուած ու իրականացուած է բարձր մակարդակով:  Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Մարսէլի փոխքաղաքապետ, «Didier Parakian»  հիմնադիր  Տիտիէ Պարաքեանին, Մարսէլի Հայ-ֆրանսական առեւտրաարդիւնաբերական  պալատի ղեկավար, Մարսէլի 13, 14-րդ թաղամասերու թաղապետ Մարսէլի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան ղեկավար Կարօ Յովսէփեանին, «Terre d` Armenie» կազմակերպութեան, «ARARAT TV»-ի տնօրէն  Ռիչարտ Ֆինտիկեանին` «Ֆրանս-հայկական Գերազանցութեան շաբաթ»-ը հրաշալի կազմակերպելու համար: Նախարարը խօսեցաւ նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներու եւ ընելիքներու մասին:

Ընթերցուեցաւ ատեանի անդամ, «Քալիֆորնիա Քըրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեանի առաջարկը ԱՄՆ-ի մէջ նման ձեռնարկ կազմակերպելու վերաբերեալ:

Ատեանի նիստին ներկայ էր Ռուսատանի Դաշնութեան Նոր Նախիջեւանի համայնքի ղեկավարի տեղակալ, «Հայազգ» ելեկտրոնային ռուսալեզու հանրագիտարանի հեղինակ Սերգէյ Սայատովը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց հանրագիտարանը, եւ աջակցութիւն խնդրեց այն համալրելու, Սփիւռքի աւելի լայն շերտերուն հասանելի դարձնելու, նիւթերը նաեւ հայերէն ու անգլերէն ներկայացնելու համար:

Scroll Up