Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Լոս Անճելըսի Հայ Պարարուեստի Կեդրոնի Ղեկավարները
Յունիս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, պարուսոյց Կարէն Գէորգեանը եւ ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքի Հայ պարարուեստի կեդրոնի ղեկավարներ Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեանները, որոնք Հայաստան կը գտնուին Լոս Անճելըսի Հայ պարարուեստի կեդրոնի 15-ամեակին նուիրուած յոբելեանական համերգային շրջագայութեան ծրագիրով:
Նախարարը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւրերուն հայապահպան գործունէութեան համար:
§Հայ մշակոյթը ծնւում է հայ հողի վրայ եւ բիւրեղանում է հայ հողում, ուստի իւրաքանչիւր հայ պէտք է միշտ կապի մէջ լինի հայրենիքի հետ»,-նշեց նախարարը:
Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ հիւրերը յուշանուէրներ փոխանակեցին: