Ստեփանակերտի մէջ կայացած է մայիսեան եռատօնին նուիրուած տօնակատարութիւն

Այսօր` Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատէն ներս կայացած է հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` նուիրուած Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 70-րդ տարեդարձին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան: Artsakhpress-ի փոխանցմամբ տօնակատարութեան բացման խօսքով հանդէս է եկած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, որ շնորհաւորած է ներկաները մայիսեան տօներու առիթով, ապա տեղի ունեցած է տօնական համերգ` ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան “Աասպետ” խումբի եւ Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներու մսնակցութեամբ:
Տօնակատարութեան ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, ԼՂՀ երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարանների անդամներ, ՀՀ եւ ԼՂՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, սփիւռքահայեր, հիւրեր արտերկրէն: