Յովիկ Աբրահամեան խօսած է հալէպահայերու օրհասական վիճակի մասին
Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են ընդունելու եւ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուող երեխաներուն համար: Այդ մասին ՀՀ կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: “Կը ցանկամ խօսիլ մեր բարեկամ երկիր Սուրիոյ մասին, ուր իրավիճակը կը շարունակէ անկայուն մնալ, պատերազմը կը շարունակուի, ինչը կը յանգեցնէ մեծ զոհերու եւ աւերածութիւններու: Ցաւօք քիչ չեն նաեւ խաղաղ բնակչութեան զոհերու թիւը: Այս ընթացքին Հայաստանը փորձած է օժանդակել անոնց, ովքեր պատերազմի հետեւանքով լքած են իրենց տուներն ու անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնած` եկած են Հայաստան:
Օրեր առաջ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ արձագանգած էի Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասի մէջ իրականացուած հրթիռակոծութեան թեմային, որուն հետեւանքով, ցաւօք, հայեր տուժած էին: Այդ ժամանակ ահազանգ հնչեցուցած ենք երեխաներն ու դպրոցականները պատերազմի գօտիէն հանելու մասին, ինչին ի պատասխան ես նշած էի, որ կառավարութիւնը, իշխանութիւնները պատրաստ են ընդունելու եւ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուող երեխաներու համար”,- ըսաւ վարչապետը` ցանկութիւն յայտնելով, որ բոլորը այդ մասին տեղեակ ըլլան: Կառավարութեան ղեկավարը նշեց, որ երբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը վերադառնայ Հայաստան, կառավարութեան յաջորդ նիստին մանրամասն պիտի ներկայացնէ, թէ ինչ քայլեր կ’իրականացնէ նախարարութիւնը, ինչ խնդիրներ ունի լուծելու եւ աջակցութեան ինչ խնդիր կայ: