Պրիւքսէլի քաղաքապետը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Պելճիգայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի քաղաքապետ Իւան Մայոր վարչակազմի խորհուրդի նիստին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այս մասին ըստ News.am-ի` կը հաղորդէ պելճիգական «RTBF» հեռուստաընկերութեան կայքը:
«Հիմա ժամանակն է յարգանքի տուրք մատուցելու»,-ըսած է սոցիալիստական կուսակցութիւնը ներկայացնող քաղաքապետը: Իւան Մայոր կոչ ուղղած է այլ քաղաքապետներուն հետեւելու իր քայլին:
«RTBF»-ի փոխանցմամբ, ատիկա քաղաքապետին կողմէն խորհրդանշական շարժում մըն էր այն հարցէն ետք, երբ երկրին մէջ բանավէճ սկսաւ թրքական ծագումով պատգամաւորներու` յիշատակի ձեռնարկներու բացակայելու հետ կապուած: