Արաբական դաջուածք հայկական երեսի վրայ

«Հայերն այսօրի» տեղեկացմամբ՝ Ակատեմիկոս Տօքթ.`Սաատ Սալլում իր ֆէսպուքեան էջին վրայ  կը գրէ `

Իր տարիքը գերազանցած է 105  տարեկանը. ան ամենատարէց հայուհին է Իրաքի մէջ, որ իր յիշողութիւնը պատմութիւններ  փորագրած է իր դէմքին եւ ձեռքերուն վրայ:

Արաքսի Փափազեան հինգ տարեկան էր ցեղասպանութեան ժամանակ, ան բռնի տեղահանութեան հետեւանքով հազար մայլ  քալած է (Մայիսէն-Սեպտ. 1915 թ.) իր ընտանիքի անդամները մէկ առ մէկ ինկած են հիւանդութենէ, սովէ եւ հրոսակախումբերու յարձակումներէ, մնացեալը  անցած են Սուրիական անապատը…:

Հայերը իրենց  8  տարեկանէն մեծ փոքրիկները`  կը յանձնէին արաբ ցեղախումբերու, անոնց պատմելով իրենց գերդաստանի մասին, որ անոնք իրենց  յիշողութեան մէջ պահեն զայն, որ օր մը վերագտնեն իրենց հարազատները :

Արաքսիին իր քով առած է արաբ տղամարդ մը կարծելով, որ ան փոքրիկ տղայ մըն է, եւ երբ յայտնի  դարձած է, որ ան աղջիկ է, յանձնած է անոր տարեց արաբ կնոջ մը, որ պահած է անոր իր միւս աղջիկներուն հետ:

Իր արաբ մայրը անոր կոչած է Ֆաթիմա կամ Ֆաթումա. ան սորված է արաբ պատաւիներու վարքն ու փառքը: Օր մը որոշած է իր երեսը դաջել մեծ աղջիկներուն նման, եւ երբ իր արաբ մայրը տեսած է անոր դաջուածքը ապտակելով երեսին ըսած է, թէ ինչպէս կը յանդգնի ան իր երեսը այլանդակել.. քանի որ ան հայուհի է եւ ոչ արաբ, որ զարադարէ երեսը այդ գծագրութիւններով:

Իր արաբ մայրը կ’ուզէր անոր երեսի մաքրութիւնը, կրօնքն ու հայկական ինքնութիւնը պահպանել. Ան մերժած է ամուսնացնել անոր, որեւէ արաբ իսլամի մը հետ. ան կ’ըսէր անոր ,որ ան պէտք է ամուսնանայ միայն իր ազգակիցի հետ:

Ֆաթիման մէկ դար անց տակաւին կը յիշէ իր արաբ մօրը եւ անոր խօսած բառբարը, եւ կը պատմէ իր անցուցած տարիները արաբներուն հետ այնպէս,  որ երէկ պատահած ըլլար, ան հապրտ է իր դաջուածքով եւ գիտցած բառբարով, փաստելով  իր երկակի ինքնութիւնը:

Երբ այսօր կը դիտենք անոր լուսանկարները իր ընտանիքի անդամներուն` զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ ծոռներոն հետ որոնց թիւը կը գերազանցէ  80-ը, կը մտածես թէ, որքան պէտք էր ըլլար հայերուն թիւը, որոնք պիտի ապրէին մեր հետ կամ մեր սահմաններուն մօտ եթէ տեղի ունեցած չըլլար ցեղասպանութիւնը… միլիոնաւոր հայեր լոյս աշխարհ չեկան քաղաքական մէկ որոշումի մը յետեւանքով…եւ տակաւին յանձագործութիւնը կը շարունակուի:

Արաքսիի պատմութիւնը մեր մէջ կ’արծարծէ ցաւ, քանի որ յանցագործութիւնը կը կատարուի այսօր Իրաքի մէջ եւս…. Իրաքցիները եւս ցրուեցան ինչպէս հայերը մէկ դար առաջ:

Ֆաթումայի պատմութիւնը մեր մէջ կ’արծարծէ նաեւ կորսուած սիրոյ եւ համերաշխութեան բուրմունքը:

Արաբները ցեղասպանութենէն ետք ընդգրկեցին հայերուն, պահպանեցին անոնց կիները, սովորութիւնները, ապրեցան իրարու հետ եղբայրներու նման:

Սալլում կ’եզրափակէ գրելով, թէ ի՞նչ անէծք էր այդ, որ հասաւ մեզի այս ատելութիւններով առլեցուն ժամանակաշրջանին:

Աստուած քեզի պահապան Ֆաթումա. փառք քո ժամանակին, ժողովուրդին, եւ ապրած ուղեւորութեան, որ կ’ամփոփէ հակասական մեր այս ժամանակները:

արաբ հայ2

Scroll Up