Թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հակաահաբեկչական քայլ մըն է
Հայերն Այսօրի փոխանցմամբ Գահիրէի համալսարանի քաղաքական փիլիսոփայութեան դասախօս Այտա Նասիֆ իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Հայոց ջարդերը Օսմանեան պետութեան կողմէն 100-տարի առաջ ամօթանք է մարդկութեան ճակատին, շեշտելով որ այսօրուան անմեղներու արիւնը վատնելու ՏԱՀԵՇեան տարածուած գաղափարախօսութիւնը շարունակութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան։ Այս մասին կը յայտնէ misrday.com կայքէջը։
Նասիֆ աւելցնելով ըսած է, որ այն եգիպտացիներն ու եթովպեացիները, որոնք մորթուեցան ծայրայեղական իսլամիստներու ձեռքով արտացոլանքն է նոյն ահաբեկչական գաղափարին, որ կը վարեր Օսմանեան պետութիւնը արեւելքին մէջ:
Նասիֆ շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, որ թուրքերը ունին սեւ պատմութիւն Եգիպտոսի մէջ.. եւ անհրաժեշտ որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի քանի, որ ան հակաահաբեկչական քալն մըն է համաշխարհային մակարդակով:
Այտա Նասիֆ նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահին՝ Էրտողանին վարած քաղաքականութեան, որ կ’աջակցի ահաբեկչութեան: