Վենետիկի մէջ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած տաղաւար
Հայկական սփիւռքի 18 արուեստաագէտներու աշխատանքներ պիտի ներկայացուին Վենետիկի տաղաւարին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով The Art Newspaper պարբերականը, տաղաւարը նուիրուած կ’ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Հայկական տաղաւարը կը գտնուի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, որ հայ կաթոլիկ մենաստան է եւ Մխիթարեան միաբանութեան աթոռանիստը:
«Armenity» անունը կրող տաղաւարը բաց կ’ըլլայ Մայիս 6էն Հոկտեմբեր 18 եւ կը ներառէ փարիզաբնակ, Թուրքիոյ մէջ ծնած հայ արուեստագէտ Սարգիսի աշխատանքները, որ միաժամանակ տաղաւարին մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիան:
Տաղաւարին մէջ ներկայացուող աշխատանքներու շարքին Սարգիս պիտի ներկայացնէ երկու աշխատանք` «Danseuse doree en haut du toit» (2012) եւ «Atlas de Mammuthus Intermedius» (2014), որոնցմէ մէկը կը պարունակէ 150 հազար տարեկան մամոնտի ոսկոր: Իսկ թրքական տաղաւարին մէջ ներկայացուող աշխատանքը
կը կրէ «Respiro» անուանումը եւ, արուեստագէտի խօսքերով, այն միտուած է հայեացք նետելու դէպի մարդասիրութիւն: