Շարժանկարներու Փորձագէտները Ծանօթացած են ՀայոցՑեղասպանութեան Թեմայով Շարժանկարներու Նախագիծերուն

 «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 10-րդ փառատօնի ծիրէն ներս տեղական եւմիջազգային փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբին ներկայացուածեն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ՀՀ մշակոյթինախարարութիւն, Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն եւ «Ոսկէ ծիրան»փառատօնին ներկայացուած երկու տասնեակէ աւելի կինոնախագիծեր:

Անոնցմէ մի քանի հատը ներկայցուած են սփիւռքահայ գործիչներու կողմէ,իսկ մնացածները` տեղական արտադրողներ ու բեմադրիչներ:Յանձնախումբը մի քանի ժամ շարունակ լսած, քննարկած ու որոշած է, որանոնք վերջնական փուլի հասցնելու համար անհրաժեշտ են լրացուցիչաշխատանքներ: Ուստի, որոշուած է յետագային եւս կազմակերպել մէկհանդիպում նման ձեւաչափով:
Յանձնախումբէն ներս ընդգրկուած են բեմադրիչներ Քշիշտոֆ Զանուսին եւԱտոմ Էգոյեանը, դերասանուհի Արսինէ Խանջեանը, Հոլանտայէն ԳամիլաԻլստրան, Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանը,շարժանկարի  փորձագէտ Դաւիթ Մուրադեանը, «Ոսկէ ծիրան»փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեանը,դրամատուրգ Կարինէ Խոդիկեանը եւ գրող Ռուբէն Յովսէփեանը:
PanARMENIAN.Net
Scroll Up