Արժանթինի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Շարժանկարներու Ցուցադրութիւն կը Կազմակերպուի

Ռոսարիոյի (Արժանթին) հայ համայնքը Cairo հանրային շարժանկար-թատերասրահին հետ միասին կը կազմակերպէ 3 շաբաթ տեւողութեամբ շարժանկարի ցուցադրութիւն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման: Շարժանկարի ցուցադրութիւնը պիտի սկսի Մայիս 16-ին: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը` վկայակոչելով infonews.com-ը։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող 3 շարժանկարներէն առաջինը «Ճիչ»-ն է, որ պիտի ցուցադրուի Մայիս 16-ին: Շարժանկարի ցուցադրութեան պիտի յաջորդէ քննարկում՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Մարիանօ Լուիս Տէր-Մկրտչեանի հետ:
Յաջորդ շաբաթ` Մայիս 23-ին, պիտի ցուցադրուի բեմադրիչ Արտօ Փեհլիւանեանի` Անրի Վերնոյին նուիրուած V… como Verneuil շարժանկարը, որուն պիտի յաջորդէ քննարկում ուրուկուէյահայ բեմադրիչ Ժէք Պօղոսեանի հետ, որ Լատինական Ամերիկայի մէջ Հայկական ֆիլմադարանի հիմնադիրն է:
Յաջորդ շաբաթ` Մայիս 30-ին, պիտի ցուցադրուի «Կիրակոս» շարժանկարը` փրկուած փոքրիկի մը պատմութեան մասին, որուն պիտի յաջորդէ քննարկում՝ շարժանկարի բեմադրիչ Ֆլօրենսիա Տէմիրճեանի հետ: