«Հայաստան-Սփիւռք» 5-րդ Համահայկական Համաժողովի Մասնակիցներու Հանդիպումը ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Հետ
Համաժողովին թեմատիկ նիստերու ամփոփումէն ետք համաժողովի, բոլոր նիստերու մասնակիցներուն համար ելոյթ ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Ան մասնաւորապէս ըսաւ, – «Հայաստանի Նախագահի ղեկավարութեամբ մեր դիւանագիտութիւնը շարունակում է ներկայացնել եւ պաշտպանել մեր երկրի, ժողովրդի շահերը միջազգային ասպարէզում: Այն, որ Հայաստանը դիւանագիտական յարաբերութիւններ է հաստատել շուրջ 160 պետութիւնների հետ, մօտ ինը տասնեակ միջազգային կազմակերպութիւնների անդամ է, ստորագրել է շուրջ 1800 միջազգային պայմանագիր եւ համաձայնագիր, խօսուն ցուցանիշ է արտաքին գործերի նախարարութիւնում եւ արտերկրում վեց տասնեակից աւելի մեր ներկայացուցչութիւններում աշխատող հայ դիւանագէտների ծաւալուն աշխատանքի: Այս ամէնը դժուար կը լինէր իրականացնել, եթէ մեր կողքին չունենայինք աշխարհասփիւռ հայութեանը»:
Նախարարը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գերատեսչութեան ձեռքբերումներն ու առկայ մարտահրաւէրները:
Նախարարը կարեւոր համարեց 2009-2013թթ. ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ եղած հինգ կարեւորագոյն համատեղ յայտարարութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ, որոնք կը վերահաստատեն, որ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը այսօր լիակատար կ’ընկալուի միջազգային հանրութեան կողմէ:
Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձաւ հանրապետութեան արտաքին գերատեսչութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները:
Արտաքին գործոց նախարարն անդրադարձաւ նաեւ սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով արտակարգ դրութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու խնդիրներուն եւ նշեց, որ նախարարութեան օրակարգին մէջ առանցքային տեղ կը զբաղեցնեն սուրիահայութեան անվտանգութեան եւ Սուրիոյ մէջ մեր պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը:
Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատեց հայկական Սփիւռքի դերը Հայաստանի միջազգային վարկի բարձրացման գործին մէջ: Ան մասնաւորապէս ըսաւ, – «Շատ նախաձեռնութիւններում մենք վայելում ենք Սփիւռքի կառոյցների, կազմակերպութիւնների եւ անհատների աջակցութիւնը, եւ դրանում է նաեւ մեր ընդհանուր յաջողութեան գրաւականը»:
Նախարարը վստահեցուց, որ այս կարգի հանդիպումները հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն համակարգելու համազգային համատեղ ջանքերը` ուղղուած միջազգային ասպարէզին մէջ հայոց պետութեան, հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան: