Տհօք` ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Հայերն Այսօրի տեղեկացմամբ www.iraqhurr.org կայքէջին մէջ Ապտուլ Խալիք Սուլթան կը գրէ, որ Հայ առաքելական եկեղեցին Իրաքի Տհօք քաղաքին մէջ նշեց Հայոց ցեղապանութեան 100-րդ տարելիցը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր: Տէր Մասիս քհնյ. Շահինեան Տհօքի հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը այս առթիւ մեր ռատիոկայանին ըսաւ` Ամէն տարի աշխարհով մէկ հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը, որ տեղի ունեցաւ 1915թ.ին: Ահա 100 տարի անց մենք կոչ կ’ուղղենք աշխարհի բոլոր պետութիւններուն որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը երբ յատկապէս ան ճանչցուած է Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ անցեալ դարու ութսունական թուականներուն: Իսկ Քիւրտիստանի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչ Երուանդ Էմինեան յայտնեց, որ ան խորհրդարանին ներկայացուցած է նախագիծ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ձեռնարկներու շարքին կազմակերպուեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, ուր ներակայացուեցան դաժանութիւնները որ ենթարկուած է ու կ’ենթարկուի մարդկութիւնը: Յիշենք որ Քիւրտիստանի մէջ կ’ապրին աւելի քան 3500 հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած են Տհօք քաղաքին մէջ եւ անոր մերձակայ շրջաններուն` Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի մէջ. անոնք հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ են:

Scroll Up