Հռոմի մէջ կայացաւ Արմին Վէկների գործունէութեան նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/01128.jpg)
Յունուար 15-ին Հռոմի մէջ կայացաւ գերմանացի մեծ հումանիստ Արմին Վէկներին նուիրուած «Նամակ Հիթլերին» (“La lettera a Hitler”) գիրքի շնորհանդէսը: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Գիրքին մէջ ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ հրէական Հոլոքոստի դէմ Արմին Վէկների գործունէութիւնը: Գիրքի հեղինակն է “GARIWO” (Garden of Righteous people- Ազգի առաքեալներու այգի) հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գաբրիէլէ Նիսսիմը:
Շնորհանդէսը կազմակերպած էին իտալական “GARIWO” եւ “Briancircle” հասարակական կազմակերպութիւնները: Ձեռնարկին բանախօսներն էին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան, Իտալիոյ հրէական համայնքի ղեկավար Ռենցօ Գատտենեան, լրագրող եւ հրապարակախօս Ճիան Անթոնիօ Ստելլան, Հռոմի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութեան մշակութային Ատաշէ Շտեֆան Շնայտերը: Ելոյթներ ունեցան նաեւ “L’Espresso” պարբերականի թղթակից Վլոտեկ Կոլտկորն, Արմին վէկների որդին` Միքելէ Վէկները, «Նամակ Հիթլերին» գիրքի հեղինակ Գաբրիէլէ Նիսսիմը:
Դեսպան Սարգիս Ղազարեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց, որ հայերն ու հրեաները, որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդներ, «Պէտք է իրենց պայքարով լցնեն այն բացը, որն առաջացել է անտարբերութեան հետեւանքով»: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ անտարբերութիւնն էր, որ յետագային հնարաւորութիւն ընձեռնեց Հոլոքոստի իրականացման համար, եւ ափսոսանք յայտնեց, որ «Մարդկութեան դէմ ոճիրները չեն մնացել պատմութեան գրքերում, այլ այսօր մեր իրականութեան մաս են կազմում»: Դեսպան Սարգիս Ղազարեան նաեւ դատարապարտեց պատմական փաստերու աղաւաղման ու ժխտման բոլոր փորձերը, որ կ’իրականացնեն իրար յաջորդող թրքական բոլոր կառավարութիւնները:
Եւ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, եւ բանախօսները խօսեցան Արմին Վէկների` որպէս 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ելած, հայ, հրեայ եւ այլ ժողովուրդներու ճակատագիրներով մտահոգուած մարդկային բարձր արժանիքներու տէր անձնաւորութեան մասին:
Վլոտեկ Կոլտկորն իր խօսքին մէջ նշեց, որ նաեւ Արմին Վէկների, Ֆրանց Վերֆելի նման մարդասիրութեան շնորհիւ էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով «Անտարբերութեան պատը ճաք տուաւ»` աւելցնելով, որ Վարշաւայի Կեթոյի ապստամբութեան օրերուն հրեաները կ’ընթերցէին վերջինիս «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը:
Ձեռնարկին ընթացքին դերասանուհի Մանուէլա Կուստերման հատուածներ ընթերցեց «Նամակ Հիթլերին» գիրքէն:
Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էին իտալացի քաղաքական, հասարակական ու մշակութային գործիչներ, Իտալիոյ հայ ու հրէական համայնքներու անդամներ, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ իտալական զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ: