Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակէն Մեկնարկեց Ջահերով Երթը (լուսանկարներ)

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն, գիշերը ժամը  10-ին մեկնարկեց ջահերով երթը. ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրականացուցին ջահերով երթը։ Միութիւններու անդամներուն միացած են նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ եւ սփիւռքահայեր։

Երիտասարդները Ծիծեռնակաբերդ՝ յուշահամալիր կը բարձրանան այն երկիրներու դրօշակներով, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ջահերով երթը առաջին անգամ իրականացած է 1999 թուականին՝ ՀՅԴ երիտասարդներու կողմէն՝ մօտաւորապէս 300 անդամներու մասնակցութեամբ, տարուէտարի մասնակիցներու թիւը աճած է, այս տարուանը՝ աննախադէպ է։

Այժմ երթի յառաջապահ մասնակիցներ հասան Ծիծեռնակաբերդ, իսկ շարքը կ’աւարտի Բաղրամեան փողոցի մէջ։ Ծիծեռնակաբերթի մէջ հնչեց տէրունական աղօթքը, եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները խոնարհեցուցին անմար կրակին առջեւ։

Երթը պաիտի աւարտի հայրենասիրական երգերու կատարումով։

Աւանդոյթ դարձած ջահերով երթը դարձած է համահայկական՝ կազմակերպուելով Հայաստանի այլ շրջաններու եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ։

7 6 5 4 3 2

Scroll Up