Խաղաղ ցոյց` Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ

Ապրիլ 23, 2015թ.ին Իրաքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնաժողովի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցած է խաղաղ ցոյց Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը յայտնէ իր գործընկերը։
Ցոյցը գլխաւորած է Իրաքահայոց թեմի առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան եւ Իրաքահայոց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ հարիւրաւոր իրաքահայերու մասնակցութեամբ, ցոյցի նպատակն էր պահանջել Թուրքիոյ կառավարութենէն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 1915-թ.ին:
Ցոյցին մասնակցած են Իրաքի գիտութեանց եւ տեխնոլոկիայի նախարար պրն. Եուսըֆ Ճէճուն, Իրաքի խորհրդարանի անդամ պրն. Ճոզեֆ Սլեուան, Պասրա քաղաքի խորհուրդի անդամ պրն. Նովակ Պետրոսեան եւ “Ալմասարաթ” թերթի խմբագիր ակատեմիկոս Տօքթ. Սաատ Սալլում:
Նման խաղաղ ցոյց առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ իրաքահայոց պատմութեան մէջ, ան կազմակերպուած է Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ , ցուցարարները վերցուցած էին ճանաչման եւ հատուցման պաստառներ:
Ցոյցին ընթացքին` Թուրքիոյ դեսպանատունը իր դրօշը իջեցուցած է, սակայն ցուցարարներու պահանջագիրը չէ ստացած, փակ պահելով իր դռները ժողովուրդին առջեւ, որ չէ մոռցած իր ցաւալի պատմութիւնը նոյնիսկ 100 տարի անց:
Հայ ժողովուրդը երբեք չի փակեր այդ էջը մինչեւ ճանաչում: