Ցեղասպանութան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգ` Իրանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դիւանագէտներու Ներկայութեամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/100-amyak-Tehran.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Թեհրանի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ` Փետրուար 22-ին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգը, որուն հրաւիրուած էին Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ բոլոր դեսպաններն ու դեսպանատուներու աշխատակազմերը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ 100-րդ տարելիցի Թեհրանի յանձնախումբի նախագահ Արմենուշ Առաքէլեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Ուրուկուէյի, Ֆրանսայի, Պելճիգայի, Կիպրոսի, Հնդկաստանի, Պուլկարիոյ, Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպաններն ու անոնց ներկայացուցիչները: Ներկայ էին նաեւ թեհրանահայ համայնքէն շուրջ 350
հիւրեր:
Անգլերէն լեզուով իր բացման խօսքին մէջ տկն. Սեւան Պետրոսեան նշեց, որ. «Որքան ալ Ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական պարտք եւ արժեհամակարգ գնահատենք, այնուամենայնիւ այն յաճախ կը խառնուի քաղաքական երեւոյթներուն, բոլոր պարագաներուն մենք կը գնահատենք այս պատմական իրողութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած երկիրներու քաղաքական կամքն ու խիզախութիւնը»:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ արտայայտուելու Ուրուկուէյի դեսպան` դոկտ. Խուան Քառլոս Օխետան, որ իր խօսքին մէջ ի միջ այլոց շեշտեց. «Ուրուկուէյի ողջ ժողովուրդը համոզուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակմամբ եւ դատապարտմամբ կարելի է կանխել յետագայ հնարաւոր ցեղասպանութիւնները: Ցաւօք, դեռ աշխարհը կը շարունակէ ականատես ըլլալ մարդկութեան դէմ շարունակուող վայրագութիւններու: Ուրուկուէյ համոզուած է, որ երկխօսութիւնը եւ մարդոց միջեւ շփումները կը կանխեն կրօնական եւ մշակութային ազգամիջեան ընդհարումները»:
Պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները ներկայացնող կարճամեթրաժ տեսաֆիլմ, որմէ ետք լարային քառեակի կատարմամբ հնչեցին Կոմիտասի մեղեդիները` Ասլամազեանի մշակմամբ:
«Մաշտոց» երգչախումբի կատարմամբ հնչեցին հայկական ժողովրդական, դասական եւ հոգեւոր երգեր` խմբավար, մայեսթրօ Ռազմիկ Օհանեանի ղեկավարութեամբ: «Աւէ Մարիա» հոգեւոր ներդաշնակ կատարմամբ աւարտեց երաժշտական երեկոն:
Իսկ երեկոյի աւարտին հիւրերը առիթ ունեցան սեղաններու շուրջ աւելի մտերմիկ զրոյց ունենալ:
Պատրաստուած էին համապատասխան գրքոյկներ, որոնք նուիրուեցան ներկաներուն:
Յ.Գ. 100-ամեակի Թեհրանի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ` 2014 թուականի Մայիսէն արդէն իսկ տրուած էր մեկնարկը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն` նախ հրատարակուած գիրքերու շնորհանդէսով, ապա Նոյեմբերին` Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ներկայացուցած
«Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» ցուցանմուշներու ցուցադրմամբ: