Բողոքի յայտարարութիւն» Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի կողմէ

Իրաքի խորհրդարանի փոխխօսնակ Աարամ ՇԷյխ Մուհամմէտ մերժած է իրաքահայերուն  խօսքը ընթերցուելու ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ խորհրդարանէն ներս:

Խստօրէն կը դատապարտենք Իրաքի խորհրդարանի փոխխօսնակ Աարամ Շէյխ Մուհամմէտի արարքը, որ արգիլեց խորհրդարանի անդամ Ճոզեֆ Սլէուային ընթերցելու իրաքահայոց խօսքը ուղղուած խորհրդարանին թուրքերու կողմէ իրագործուած  Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Հատուածի (Իրաքի ժողովուդրի) մը ներկայացուցիչը, որ ենթարկուած է ինքնութեան ժխտումի եւ ջարդերու, որ տառապած է նաեւ շահերու բերումով համաշխարհային լռութեան եւ ինք այսօր նոյն այդ թոյնը կը փոխանցէ ուրիշներուն:

Կը յիշեցնենք , որ խօսքի ազատութիւնը սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունք է եւ Իրաքի խորհրդարանը բոլոր իրաքցիներու ներկայացուցիչներու խորհրդարանն է, եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի զրկելու այս սահմանադրական իրաւունքէն:

Ինչ որ կատարուեցաւ Աարամ Մուհամմէտի կողմէ ազգային հատուածի մը ցաւերուն, արհաւիրքին մասին արտայայտուելուն եւ ցեղասպանութիւնը դատապարտելու իր իրաւունքին զրկումն էր, ի հաշիւ օտար երկրի մը հաճոյանալու եւ նեղ շահեր հետապնդելու:

Հարց կ’ուղղենք Աարամին` ինչպէս կրնայ իր իսկ ժողովուրդի տառապանքին մասին խօսիլ եւ իաւունքներ պահանջել երբ ան իրաքահայեր զրկեց այդ իրաւունքէն:

 Աւելցնենք, որ այս հարցին վերաբերեալ Իրաքի թեմի առաջնորդ  Աւագ արք. Ասատուրեանը, Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Մելքոն Մելքոնեանը եւ վարչութեան անդամ Գրիգոր Տէր Յակոբեանը այցելած են Իրաքի փոխ նախագահ` Նուրի ԷլՄալիքիին: Նշենք որ, այս հանդիպումը հեռարձակուած է Իրաքեան «Afaqtv» հեռուստաընկերութեան եթերով:

Առաջորդարան Իրաքի Հայոց

Scroll Up