Գերմանիոյ Պունտեսթակի նախագահը Հայոց ջարդերը ցեղասպանութիւն որակեց
Գերմանիոյ Պունտեսթակի 101-րդ նիստը մեկնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին որոշման քննարկումով: Օրակարգին մէջ դրուած թեման կը կոչուէր «1915/1916թթ. հայերու զանգուածային սպանութիւններն ու տեղահանութիւնները»:
Ինչպէս կը յայտնէ News.am-ը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթ, որ կատարուածը նկարագրելուն օգտագործեց ցեղասպանութիւն բառը:
«Յարգարժա՛ն տիկնայք եւ պարոնայք, կ’ողջունեմ ձեզ եւ Պունտեսթակի հիւրերը, որոնք առաջին անգամ Պունտեսթակի մէջ են, եւ որոնց հրաւիրած ենք նիստի առաջին կէտի քննարկումներուն համար: Պունտեսթակը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ պատմական դէպքերու վրայ, որոնք հետեւանքներ ձգեգին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յետագայ յարաբերութիւններուն:
Ցեղասպանութիւնը արժանի է խստագոյն պատիժի: Այն կը բնութագրուի իբրեւ ազգային, ցեղական եւ կրօնական խումբի ոչնչացում : Ատիկա է, որ տեղի ունեցաւ ողջ աշխարհի առջեւ: Եւ այդ ցեղասպանութիւն էր:
Եւ այդ վերջինը չէր 20-րդ դարուն: Մեր պարտաւորութիւնն է պատասխանատուութիւն կրել: Գերմանացիները իրենց սեփական փորձէն միւսներուն կոչ կ’ընեն սեփական պատմութեան առերեսուիլ, եթէ անգամ ատիկա ցաւալի է: Այդ հայ եւ թուրք ազգերու հաշտեցման պայմանն է: Ատոր մէջ իրենց մեղքի բաժինը ունեցան գերմանացիները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան հետ դաշինքը մարդկային կեանքերէն վեր դասեցին:
Պատմութիւնը կը հարկադրէ յիշել պատմական փաստերը: Անխուսափելի է, որ որեւէ իրական խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, քանի դեռ զոհերու սերունդները արդարութիւն կը պահանջեն` յիշելով, թէ ինչ կատարուած է իրականութեան մէջ: Այսօրուան Թուրքիան պատասխանատու չէ 100 տարի առաջ կատարուածին համար, սակայն ան կը կրէ ատոր հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը, որ ատոր հետեւանքն է:
Ամէնէն առաջ նշեմ, որ սակայն եղած են շատ խիզախ քիւրտեր եւ թուրքեր, որոնք կանգնեցան հայերու կողքին` պատմութեան այս էջը փակելու համար: Ատոնց մէջ են գրողներ, լրագրողներ, քաղաքապետներ, կրօնական առաջնորդներ: Նշեմ գրականութեան նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուկը, Հրանդ Տինքը, որ իր կեանքով վճարեց պատմական ճշմարտութիւնը ըսելու համար: Անոնք մարդիկ են, որոնք վաստակած են մեր աջակցութիւնը: Ասով մենք կ’ուզենք սկսիլ մեր այսօրուան քննարկումները»,- յայտարարեց Պունտեսթակի խօսնակը: