Ֆլամանտի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ ընդունած է

Ֆլամանտի խորհրդարանը (Պոլճիգաի կազմին գտնուող – խմբ.) գրեթէ միաձայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ  ընդունած է: Պելճիգական HLN պարբերականի փոխանցմամբ, երեք պատգամաւոր ձեռնպահ  քուէարկած է: Յիշեցնենք, որ Պելճիգան համապետական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է դեռեւս 1998 թուականին:

Ըստ NEWS.am-ի` բանաձեւը հիմնուած է վերջերս Եւրոխորհրդարանի ընդունած նոյնանման փաստաթուղթին վրայ: Անորմով պատգամաւորները ֆլամանտական կառավարութեան կոչ չեն ըներ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով դիմել թրքական կառավարութեան, սակայն, ըստ պարբերականի, անկէ յստակ կը հետեւի, որ Ֆլամանտի խորհրդարանը հաւանութեան կ’արժանացնէ ճանաչման ուղղութեամբ Թուրքիոյ որեւէ ջանք:

Բանաձեւի գլխաւոր ուղերձը, նախաձեռնութեան հեղինակ Քարիմ Վան Օվարմէյրէի խօսքով, հաշտեցումն է: «Այս բանաձեւով մենք կը ցանկանք առաջ նայիլ: Ֆլամանտի կառավարութեան կոչ կ’ուղղենք Հայաստանին եւ Թուրքիոյ եւրոպական ժողովուրդներու հաշտեցման յաջող օրինակներ ներկայացնել, որոնք կրնան ապագայի ծրագիր ծառայել: Մենք կը ցանկանք, որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատուին դիւանագիտական շփումներու ուղիով»,- յայտարարած է պատգամաւորը:

Scroll Up