Հերթական խայտառակութիւն. Թուրքիան ետ կանչած է Աւստրիոյ մէջ իր դեսպանը

Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութենէն ժամեր անց Թուրքիան ետ կանչած է այդ երկրին մէջ իր դեսպանը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-­ըˋ վկայակոչելով «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ Աւստրիոյ խորհրդարանի յայտարարութիւնը զայրացուցած է թրքական իշխանութիւնները: Հաւատարիմ իր գործելաոճինˋ Թուրքիան սպառնացած է Աւստրիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացմամբ: Թուրքիոյ դիրքորոշումը հարցին վերաբերեալ ներկայացուած է նաեւ Անգարայի մէջ Աւստրիոյ դեսպանին, իսկ Վիեննայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հասան Կոկուս ետ կանչուած է:

«Ակնյայտ է, որ սա երկարատեւ բացասական հետք կը ձգէ թուրք­աւստրիական բարեկամութեան եւ յարաբերութիւններուն վրայ»,­ կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Աւստրիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանը Ապրիլ 22-­ին, գումարուած 25-­րդ նստաշրջանի 68­-րդ լիագումար նիստին ընթացքին, ճանչցաւ եւ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ելոյթով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Տորիս Պուրեսը, որ, մասնաւորապէս նշեց, որ 1915 թուականի Ապրիլ 24-­ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ մտաւորականութեան եւ առաջնորդներու ձերբակալմամբ սկիզբ առած տեղահանութիւններու եւ հալածանքներու քաղաքականութիւնը աւարտեց հայերու ցեղասպանութեամբ: Աւստրիոյ խորհրդարանի բոլոր` վեց խմբակցութիւններու ընդունած յայտարարութիւնը յստակ կը սահմանէ, որ 1915թ. հայերու հետ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր, կոչ յղելով Թուրքիոյ` առերեսուելու պատմութեան հետ, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւստրիան կ’ընդունէ իր պատասխանատուութիւնը` Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան եւ Աւստրիոյ­-Հունգարիոյ դաշնակցութեան առումով:

Scroll Up