«Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» թեմայով գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/hh1.jpg)
«Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» գիտաժողովը աշխատանքը շարունակեց «Ցեղասպանութիւններու համար պատասխանատուութեան անխուսափելիութեան ապահովման միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» թեմայով: Նիստը կը վարէին ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, ի.գ.դ. ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Գագիկ Ղազինեան եւ Պոսթօնի համալսարանի արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ամպիոնի ղեկավար, ցեղասպանագէտ Սիմոն Փայասլեան:
Գիտաժողովի առաջին նիստին զեկուցումներով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան` «Հայրենազրկում» հասկացութեան իրաւական ձեւակերպման անհրաժեշտութիւնը» թեմայով, որուն յաջորդեցին Ռուսաստանի իրաւաբանական համալսարաններու ընկերակցութեան նախագահ, ՌԴ ԳԱ սոցիալ-քաղաքական հետազօտութիւններու ինստիտուտի գլխաւոր գիտաշխատող, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Սերգէյ Պապուրինի զեկուցումը` «Ցեղասպանութեան` իբրեւ մարդատեաց քաղաքականութեան գործիքի դէմ պայքարի միջազգային իրաւական միջոցները (նուիրուած հայերու ողբերգութեան 100-րդ տարելիցին)», Իրաւաբան, Ամերիկայի` Հայ դատի յանձնախումբի կառավարութեան հետ կապերու պատասխանատու Քէյթ Նահապետեանի զեկուցումը «Ցեղասպանութիւններու համար պատասխանատուութեան անխուսափելիութեան ապահովման միջազգային իրաւական հարցերը» թեմաներով:
Գիտաժողովի երկրորդ նիստը նուիրուած էր Ժամանակակից միջազգային իրաւունքին մէջ Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ապահովման թեմային:
Նիստը կը վարէին փրոֆէսոր Սերգէյ Պապուրինը եւ Միջազգային իրաւունքի փորձագէտ, «Արեւմտահայերու ազգային կոնգրէսի» նախագահ Սուրէն Սէրայտարեան (Աւստրիա):
Զեկուցումներով հանդէս եկան Միջազգային իրաւունքի ռուսաստանեան ընկերակցութեան փոխնախագահ Ալեքսէյ Մոիսէեւը` «Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւունքին մէջ», Պոսթօնի համալսարանի արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ամպիոնի ղեկավար Սիմոն Փայասլեան` «Ինքնիշխանութեան սկզբունքը եւ ցեղասպանութեան կանխարգելման մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն», ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքի եւրոպական եւ միջազգային իրաւունքի ամպիոնի դոցենտ Եղիշէ Կիրակոսեան` «Ցեղասպանութեան 1948 թ. պայմանադրութեան ընդունումէն առաջ կատարուած ցեղասպանութիւններու համար պետութիւններու պատասխանատուութեան առանձնայատկութիւնները» թեմաներով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակութիւն, որուն ընթացքին ծաւալուեցաւ շահագրգիռ քննարկում` ցեղասպանութիւններու կանխարգելման միջազգային նոր կառոյցներու եւ պայմանադրութիւններու ստեղծման, Ցեղասպանութիւններու համար պետութիւններու պատասխանատուութեան, գոյութիւն ունեցող պայմանադրութիւններու դրոյթներու կիրառելիութիւնը ապահովող մեխանիզմներու ստեղծման անհրաժեշտութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:
Գիտաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ Ապրիլ 23-ին: