Ապրիլ 24-ին Ֆրեզնոյի մէջ կը փակուին առեւտրի կեդրոնները` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան

Ֆրեզնոյի մէջ ուրբաթ` Ապրիլ 24-ին, մեծաթիւ խանութներ կը փակուին` ի  յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան:

fresnobee.com-ի փոխանցմամբ`  այդ նախաձեռնութեան հեղինակներն են Ֆրեզնոյի արեւմտեան մասին մէջ գտնուող Town & Country Dry Cleaners-ի սեփականատէրեր Մարալ Մանուկեանն ու անոր եղբայրները, որոնք Փետրուարի սկիզբը յայտարարութիւն տեղադրեցին` իրենց յաճախորդներուն տեղեկացնելով, որ խանութը Ապրիլ 24-ին փակ պիտի ըլլայ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, կը գրէ Արցախփրէսը:

Յայտնի է, որ Հայաստանի  ու այն վայրերուն մէջ, ուր կան մեծաքանակ հայեր, ինչպէս օրինակ` Թորոնթոյի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ, ամէն տարի Ապրիլ 24-ին խանութները կը փակուին:

Կլենտէլի մէջ, ուր կայ մեծաթիւ հայկական համայնք, բազմաթիւ առեւտրի կեդրոններ ու դպրոցներ նոյնպէս կը փակուին:

Մարալ Մանուկեան կ’ըսէ, որ երբ իրենց ընտանիքը կ’ապրէր Մոնրէալի մէջ, իր ծնողները կը փակէին իրենց խանութը, ու երեխաները դպրոց չէին երթար այդ օրը:

«Այս տարի 100-րդ տարելիցին մեր ընտանիքը կ’ուզէ մասնակցութիւն ունենալ: Մեր բոլոր մեծհայրերն ու մեծմայրերը անցած են Ցեղասպանութեան միջով»,- կ’ըսէ ան:

Մանուկեաններու գաղափարը ունեցաւ իր հետեւորդները: Ամերիկայի հայ ազգային միութենէն Փոլ Ջամուշեան կ’ըսէ, որ Ապրիլ 24-ին մօտ 40 գործարարութիւններ պիտի փակուին:

Մանուկեանի խօսքով` իրենք իրենց գաղափարին մասին ըսած են իրենց գործարար ընկերներուն, անոնք ալ` իրենց ընկերներուն, ու այդպէս գաղափարը արագօրէն տարածուած է ամբողջ քաղաքով:

Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին  կը փակուին նաեւ National Raisin Company in Fowler, Ara Karkazian Watch & Jewelry ընկերութիւնն ու Kebab Express-ը:

Միւս գործարարները Մանուկեաններուն ըսած են, որ իրենց խանութները չեն կրնար փակել այդ օրը, սական անոնք կը ցանկան ցոյց տալ իրենց համերաշխութիւնը անոնց: Անոր խօսքով` որոշ յաճախորդներ, որոնք տեսած են խանութի փակման մասին որոշումը, նաեւ իրենց հարցեր կու տան ցեղասպանութեան վերաբերեալ, կը հետաքրքրուին:

«Ես միայն կը ցանկամ, որ մարդիկ գիտնան եւ խօսին այս մասին, այդպիսով` մեր երկիրը կը ճանչցուի, եւ գուցէ այդ գործընթացներու մէջէն անցնելով` Թուրքիան ընդունի կատարուածը»,- կ’ըսէ ան:

Այս շաբաթ յագեցած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ոգեկոչող ձեռնարկներով: Այս տարուան եզակի ձեռնարկներէն մէկը հինգշաբթի Ֆրեզնոյի կեդրոնին մէջ Հայաստանի անունը կրող փողոցի հանդիսաւոր բացումն է: Պերճ Աբգարեան` Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի հիւպատոսը, քաղաքապետ Էշլի Սուիրենկինի հետ հանդիսաւոր կերպով կը բանայ փողոցը, որ ներկայիս կը կրէ Սանթա Գլարա անունը: O Street-էն մինչեւ Van Ness Avenue Սանթա Գլարան կը վերանուանուի Armenia Street:

Փողոցի հանդիսաւոր բացումը տեղի կ’ունենայ Ապրիլ 24-ին` ժ. 15:30-ին, Սանթա Գլարա ու M փողոցներու անկիւնին մէջ:

Scroll Up