Աւստրիոյ խորհրդարանէն ներս 1 վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Ապրիլ 22-ին Աւստրիոյ խորհրդարանի 68-րդ լիագումար նիստը մեկնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով: Նիստին ներկայ պատգամաւորները 1 վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգած են անմեղ զոհերու յիշատակը, կը գրէ NEWS.am-ը:

Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ խորհրդարանի բոլոր 6 խմբակցութիւնները միաձայն ընդունած են  Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915թ. տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող  համատեղ բանաձեւը: Փաստաթուղթը կը նշէ, որ Աւստրիան պարտաւոր է կատարուածը ցեղասպանութիւն որակել    եւ   դատապարտել,
ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կոչ կ’ուղղուի իր մութ անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ջարդերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու:

Scroll Up