Կը Մեկնարկէ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ» Խորագիրով Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը
Յուլիս 5-ին ժ. 10:00-ին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ պիտի մեկնարկէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողովի» կողմէ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովը:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սահմանադրական դատարանի եւ Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողովի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, ՀՀ արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեան, ԼՂՀ արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան:
Համաժողովին պիտի մասնակցին մօտ 100 անուանի իրաւաբաններ Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն:
Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 3 թեմատիկ նիստերով`
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքը եւ միջազգային իրաւական միտքը,
Հայոց Ցեղասպանութիւն. հատուցման եւ հետեւանքներու վերացման իրաւական հիմնահարցեր,
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան իրաւական հարցեր:
Համաժողովի ծիրէն ներս յուլիս 5-ին ժամը 16:00 Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի կ’ունենայ «Նոր հազարամեակի սահմանադրականութիւնը. Իրականութեան պարադիգմները եւ մարտահրաւէրները» գիրքի շնորհանդէսը եւ այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ յուլիս 6-ին: