«Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» գիտաժողով` միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս

Ապրիլ 22-23 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի մէջ` (Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր) տեղի կ’ունենայ «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միազգային համաժողովը:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի,  Համաշխարհային հայկական կոնգրսի, ՀՀ ԳԱԱ Փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի, ԵՊՀ Իրաւագիտութեան բաժանմուքնի, «Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողով» համահայկական մասնագիտական կազմակերպութեան աջակցութեամբ միջազգային համաժողովի ընթացքին կ’իրականացուի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» խորագիրը կրող գիտաժողովը (3-րդ յարկ, D հարթակ):

 Գիտաժողովին պիտի մասնակցին աշխարհի 14 երկրէ հայ եւ օտարազգի շուրջ 60 մասնակից` միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, ցեղասպանագէտներ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ ՀՀ-էն եւ ԼՂՀ-էն:

Scroll Up