Ծպտուած հայերը կ’որոնեն իրենց ինքնութիւնը. France24-ի արաբական բաժին (տեսանիւթ)

Երէկ 19 Ապրիլին, France24-ի արաբական բաժինին մէջ, «Ծպտուած հայերը կ’որոնեն իրենց ինքնութիւնը» խորագիրի ներքոյ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկագրութիւն մը, ուր լայնօրէն մեկնաբանուեցաւ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու վերադարձը դէպի ակունքներ, եւ իրենց կրած հոգեկան ու բարոյական չարչարանքները այդ խիզախ քայլին դիմելու համար, եթերով ցուցադրուեցաւ փաստավաւերագրական նիւթեր ցեղասպանութենէն, եւ իսլամացած հայերու առօրեայէն, հայկական եկեղեցիներու մասին  եւ հայադարձութեան հարցը Պոլսոյ մէջ հայկական եկեղեցիներէն ներս:

Scroll Up