Վառնայի մէջ 100 խորհրդանշական ծառ տնկած են

Ապրիլ 18-ին, օրհնութեամբ Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Բարթուղիմէոս քահանայ Յակոբեանի, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը կազմակերպած էր ծառատունկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը տեղեկացնեն Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի
գրասենեակէն:

Ծառատունկի համար Վառնայի քաղաքապետարանին կողմէն յատկացուած էր մասնաւոր տարածք անմիջապէս Սեւ ­ծովի ափին: Առաւօտեան ժամը 11:00-ին Վառնայէն մեծ թիւով հայեր իրենց հոգեւոր հովիւի առաջնորդութեամբ սկսան ծառատունկը:

Արժանապատիւ Տէր հայրը նախ կատարեց «Այգիի օրհնութեան» կարգը, օրհնեց տնկիները եւ իր օրհնութեան խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Վառնայի քաղաքապետարանին` իրենց նախաձեռնութեան աջակցելու համար եւ մասնաւորապէս նշեց. «Այս ծառատունկի միջոցով, եւս մէկ անգամ մենք մեր համայնքէն ներս կը յաւերժացնենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:Այստեղ ապրող գրեթէ ամէն մէկ հայ ընտանիք ունեցած է կորուստ Մեծ Եղեռնի օրերուն եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի տնկած ծառը կը դառնայ խօսուն վկան այդ
ողբերգութեան»:

Այնուհետեւ Տէր Բարթուղիմէոսն իր իսկ ձեռքով տնկեց առաջին տունկը: Ծառատունկի մասնակիցները 100 խորհրդանշական ծառ տնկեցին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ:

Կը ծրագրուի յետագային այս այգիին մէջ տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքար:

Scroll Up