Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց տուած է պրազիլական «Folha de S. Paulo» թերթին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/bg.jpg)
Ապրիլ 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց տուած է պրազիլական յառաջատար «Folha de S. Paulo» թերթի մատրիտեան թղթակից Տիեկօ Պերսիտոյին, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուի թերթի եւ նոյնանուն ելեկտրոնային կայքին համար Հայաստան տարբեր տեսանկիւններէ ներկայացնող յօդուածաշար պատրաստելու նպատակով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարին ուղղուած հարցերը կը վերաբերէին հայկական սփիւռքի յառաջացման պատճառներուն, պրազիլահայ համայնքի ընդհանուր պատկերին, սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ նախարարութեան ունեցած դերին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ Հայաստանի եւ պրազիլահայ համայնքին մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն եւ այլ հարցերու: