Ռուսաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուութիւնը բաւարար չէ. Ռուսաստանցի լրագրող
Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ռուսաստանի մէջ գիտեն, սակայն այդ մասին տեղեկատուութիւնը բաւարար չէ: «Արարատի ստորոտին» միջազգային լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովին ընթացքին Panorama.am-ի հետ զրոյցին նման տեսակէտ յայտնեց «Ռուսական գործարար ալիք» (РБК) հեռուստաընկերութեան լրագրող Եուլեայ Մաքարովան:
«Ցեղասպանութեան մասին մեր մօտ ի հարկէ գիտեն, սակայն չեմ կրնար ըսել, որ տեղեկատուութիւնը բաւարար է: Թերեւս, ատիկա կու գայ նաեւ անկէ, որ հիմա մեր երկրին մէջ առկայ են բաւականին լուրջ ներքին խնդիրներ, որոնք, իրաւամբ, կը գրաւեն հասարակութեան ուշադրութիւնը: Ի հարկէ, Ռուսաստանի մէջ կայ հայկական մեծ համայնք, որ եւս կը նպաստէ խնդիրի լուսաբանման»,-մեկնաբանելով ցեղասպանութեան լուսաբանման խնդիրը` ըսաւ Եուլեայ Մաքարովան:
Այնուհանդերձ, ըստ լրագրողի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի թեման Ռուսաստանի մէջ յատուկ ուղղութիւն համարել չի կարելի: Ռուսական հեռուստաընկերութեան ներկայացուցիչը եզրափակելով խօսքը նշեց, որ հարցը կ’արծարծուի ԶԼՄ-ներու մէջ «պարզապէս ժամանակաւոր» տարբերակով, այն է` որոշակի տեղեկատուական առիթի պարագային: