Աւարտած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Աշխատանքային Այցը Կիպրոսի Հանրապետութիւն
Դեկտեմբեր 20-22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Կիպրոսի Հանրապետութիւն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Նիքոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ ներկայ գտնուած Սուրբ պատարագին:
Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է թեմական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ: Քննարկուած են կիպրահայ համայնքի հիմնախնդիրներուն, Կիպրոսի մէջ գործող հայկական դպրոցներուն, մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոններուն վերաբերող հարցեր:
Նախարարը կիպրահայ գործիչ Յարութիւն Անմահունիին յանձնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան «Դրաստամատ Կանայեան» մետալը:
Այցելելով Կիպրոսի խորհրդարան` ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցած է Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին նախագահ, սոցիալ-դեմոկրատական քաղաքական կուսակցութեան (EDEK) ղեկավար Վասսոս Լիսսարիտիսի հետ եւ վերջինիս յանձնած է ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով շնորհուած «Մխիթար Գոշ» մետալը: Հանդիպման ներկայ եղած են խորհրդարանական բոլոր խմբացութիւններու ներկայացուցիչները:
Այնուհետեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է Նիքոսիոյ Նարեկ վարժարանը հանդիպած ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ, լսած անոնց մտահոգութիւնները եւ շնորհակալական խօսքը` ուղղուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրենց գործունէութեան հանդէպ մշտական ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը Նարեկ վարժարաններու ցանցի տնօրէն Վերա Թամրազեանին յանձնած է ՀՀ նախագահի հրամանագիրով շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը, միեւնոյն ժամանակ բարձր գնահատած վերջինիս ջանքերը` կիպրահայ համայնքէն ներս հայ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը ապահովելու գործին մէջ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է նաեւ Նիքոսիոյ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հայ երիտասարդաց ակումբներ (ՀՄԸՄ-ՀԵՄ), մասնակցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի համերգին ու յաջորդող տօնավաճառին: Նախարարը հանդէս եկած է ելոյթով եւ բարձր գնահատած երգչախումբի դերը հայ երգն ու մշակոյթը համայնքին մէջ պահպանելու եւ յաւուր պատշաճի ներկայացնելու գործին մէջ: Նախարարը երգչախումբին հրաւիրած է մասնակցելու 2016թ. կայանալիք «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը եղած է նաեւ Կիպրոսի ռատիօկայանին մէջ, ուր հարցազրոյց տուած է միաժամանակ «Հայկական ժամ» ծրագիրին եւ «Արձագանք» ամսաթերթին:
Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, ի պատիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի այցի, կազմակերպած է ընդունելութիւն, որուն ներկայ եղած են հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ատենապետները , ներկայացուցիչները:
Այցի ողջ ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարին ուղեկցած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան: