2015թ. «Արի տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրներու ծիրէն ներս կը հիւրընկալուին 2000-2500 սփիւռքահայ երիտասարդ

Մայիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ «Արի տուն» եւ ««Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն նուիրուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը, որուն մասնակցեցան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ Արտաշէս Բախշեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գագիկ Միրիջանեան, այլ գերատեսչութիւններու, քաղաքապետարաններու ու մարզպետարաններու ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց  միջգերատեսչական յանձնաժողովի ստեղծումը, որուն գլխաւոր նպատակն է  գերատեսչութեան  «Արի տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց»  ծրագիրներու աշխատանքներու համակարգումը, պատշաճ իրականացումը: Նախարարը նշեց, որ 2015թ. ծրագիրներու ծիրէն ներս պիտի հիւրընկալուին  2000-2500 սփիւռքահայ երիտասարդ, որոնց ճանապարհի, անվտանգութեան, առողջապահական եւ այլ հարցերը լուծելու համար նախարարութիւնը կ’աշխատի պետական կառավարման բոլոր բնագաւառներուն հետ: Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գերատեսչութիւններուն, քաղաքապետարաններուն   ու մարզպետարաններուն` 2014թ. ծրագիրներուն աշխոյժ եւ կազմակերպուած մասնակցելու համար:

«Արի տուն» ծրագիրի աշխատանքային խումբի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան ներկայացուց  2015թ. ծրագիրով կատարուած եւ նախատեսուող աշխատանքները: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ այս տարի նախորդ տարիներու նման կը նախատեսուի  ընդունիլ երկշաբաթեայ ծրագիրով 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի: Մշակուած եւ հաստատուած է 2015թ. ծրագիրի գրքոյկ-ուղեցոյցը, թարգմանուած է ռուսերէն եւ անգլերէն: 2015թ. ծրագիրը կ’իրականացուի Յունիս 14-էն մինչեւ Օգոստոս 29` 8 փուլով: 2015 թուականի Մայիս 21-ի դրութեամբ ծրագիրին մասնակցութեան յայտ  ներկայացուցած է 160 սփիւռքահայ` 20 երկրէ: Այս տարի  Տերսիմէն եւ Տիարպեքիրէն կը սպասուի 40-ական մասնակից: Հայ սոցիալ-դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան երիտասարդական հաւաքի ծիրէն ներս ծրագիրին պիտի մասնակցի եւս 200-220 երիտասարդ` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Քուէյթէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն: Ծրագիրին մասնակցելու ցանկութիւն  յայտնած է 50 սուրիահայ երեխայ:

Ֆ. Զաքարեան ներկայացուց նաեւ ««Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը իր վեց ուղղութիւններով եւ նախապատրաստական աշխատանքները:

ԵՊՀ հետ համատեղ իրականացուող «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» 2015 ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքները նոյնպէս կ’ընթանան ըստ ժամանակացոյցի:

Խօսելով «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներու արդիւնաւետութեան մասին` ԵՊՀ հասարակահայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան առաջարկեց  դասընթացները  դարձնել  շարունակական` հեռաուսուցման համակարգի ներդրման միջոցով:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ամփոփեց նիստը եւ տուաւ յանձնարարականներ` աշխատանքը աւելի համակարգուած ու բովանդակալից դարձնելու նպատակով: «Ուզում եմ հաւատալ, որ այս տարուայ ծրագիրը միասնական ջանքերով կեանքի կոչելով , ՀՀ նախագահի, վարչապետի յանձնարարականները լիարժէք կը կատարուեն», համոզում յայտնեց ան:

01 02 03 04 05

Scroll Up