Հեռաժողով` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Օգոստոս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ հեռաժողով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի` Լիբանանի կեդրոնական մարմնի ատենապետ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սեդա Խտշեանի եւ փոխատենապետ, ՀՅԴ ներկայացուցիչ, «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: Հեռաժողովը կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով հայկական համայնքէն ներս տիրող ներկայ դրութեան վերաբերող հարցեր:

Շահան Գանտահարեան եւ Սեդա Խտշեան ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս  իրականացուած եւ մինչեւ տարուան վերջը սպասուող ձեռնարկները: Կարեւոր համարուեցաւ տարելիցին ուղղուած տեղեկատուական, քարոզչական ողջ հնարաւորութեան  լիարժէք եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը:

Սերժ Սրապիոնեան անդրադարձաւ նախարարութեան կողմէ իրականացուած ծրագիրներուն եւ մինչեւ տարուան վերջը սպասուող ձեռնարկներուն:

Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ Հանրապետութեան Նախագահի առաջարկութեամբ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:

 konferans

Scroll Up