Տոհայի Համայնքը Միացաւ «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան” Ծրագրին
Տոհայի (Քաթար) համայնքի երեխաները միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան” խորագիրով ծրագրին, որ նուիրուած է հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Տոհայի համայնքի մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձան չկայ այնուամենայնիւ համայնքը միացած է ծրագրին:
Կոչ կ’ուղղենք Սփիւռքի եւ Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն, կազմակերպութիւններուն, որ իրենք նոյնպէս իրենց մասնակցութիւնը բերեն համահայկական այս ծրագրին: Ընդամէնը պէտք է տպել համապատասխան գրութեամբ պաստառը, տալ երեխայի ձեռքը եւ լուսանկարել իր բնակութեան վայրի մէջ գտնուող (եթէ հնարաւոր է) Ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտ:
Մեր նպատակն է 1,5 միլիոն երեխաներու կողմէն բարձրացուող այս բողոքը խարան դարձնել թուրքի ճակատին:
Նկարները ամբողջութեամբ տեսնել այս ծրագրին համար ստեղծուած facebook-եան էջի մէջ