Հայաստան-Սփիւռք Հինգերորդ Համաժողովի Մասնակիցներն Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Ազգային պատկերասրահին մէջ ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումէն անմիջապէս ետք համաժողովի  պատուիրակութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ ուղեւորուեցաւ  Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` գլուխ խոնարհելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Անոնք նախ ծաղիկներ դրին
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, որմէ ետք հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները նահատակներու հոգեհանգիստի արարողութեան կարգ կատարեցին:

Այնուհետեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յիշողութիւններու պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ծառատունկ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եւ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի:

Scroll Up