Երեւանի Մէջ Սեպտեմբեր 19-20 Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովը

2014 թուականի սեպտեմբեր 19-20 Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի շուրջ 700 ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ:

Համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ:

Համաժողովին պիտի քննարկուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ համազգային առաջնահերթութիւններու վերանայման, լրացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայոց ցեղասպանութիւն 100:

ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրը կրող լրագրողներու եօթերորդ համահայկական համաժողովը:

Scroll Up