Աւագ հիւպատոս Հրայր Կարապետեան ներկայացուցած է Քեսապի կացութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/04160A2F-32A7-469B-89C5-874239A36F82_mw1024_n_s.jpg)
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Հրայր Կարապետեանի խնդրանքով տեղի ունեցած են հանդիպումներ ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական Վեհաժողովի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալեքսէյ Սերկէեւի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի պատասխանատու քարտուղար Փիոթր Ռիապուխինի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոս Թէոտորոս Պիզաքիսի հետ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան նախագահող երկրի ներկայացուցիչ:
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութիւնը News.am-ին յայտնած է, որ հանդիպումներուն ընթացքին Հրայր Կարապետեան կողմերուն ներկայացուցած է Սուրիոյ Քեսապ բնակավայրին մէջ ծանօթ դէպքերուն վերաբերեալ Հայաստանի նախագահին ուղերձը եւ շարժառիթները:
Կողմերուն փոխանցուած է, որ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ ահաբեկչական խումբերու գործողութիւններուն պատճառով Քեսապէն շուրջ 670 ընտանիքներ ստիպուած եղած են լքելու իրենց պատմական բնակավայրերը, թալանի ենթարկուած են անոնց տուները եւ պղծուած են եկեղեցիները: Փաստօրէն, պատմութեան մէջ երրորդ անգամն ըլլալով տուեալ տարածքին մէջ տեղի կ՚ունենան ցեղային զտումներ, որոնց անմիջական պատասխանատուն Թուրքիան է: Յատկապէս կը մտահոգէ այն փաստը, որ իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին:
Հիւպատոսին խօսակիցները նշած են, որ իրենք եւս մտահոգ են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ընթացքէն եւ հայկական կողմին տագնապը բաժնելով, այդ մասին մանրամասնօրէն պիտի ներկայացնեն իրենց կազմակերպութիւններուն մաս կազմող կառոյցներուն եւ երկիրներուն:
«Նոր Յառաջ»