Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Հրասանդի Հրթիռի Պայթումի Պատճառով Քանդուած Է Շէնքի Մը Տանիքին Մէկ Մասը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 3 յունուար 2014-ի յետմիջօրէին, Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէի մայր փողոցին վրայ գտնուող շէնքի մը վրայ հրասանդի հրթիռ մը ինկած էր: Հրասանդի հրթիռի պայթումին պատճառով քանդուած էր շէնքի տանիքէն մաս մը:

Սիւլէյմանիէ Շրջանի Բնակիչներուն Համար
«
Կիւլպէնկեան» Վարժարանէն Ջրամատակարարում
Տեղի Կ՛ունենայ

Կիրակի, 5 յունուար 2014-ին, 3 օր շարունակ Հալէպի մէջ առկայ էր ջուրի եւ ելեկտրականութեան լուրջ խնդիր:

Վերոնշեալ մեկնակէտէն, Սիւլէյմանիէ շրջանի բնակիչներուն համար Ազգային «Կիւլպէնկեան» վարժարանէն ջուրի մատակարարում տեղի կ՛ունենայ:

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու, կը յայտնէ «Բերիոյ նիուզ»:

www.aztagdaily.com

Scroll Up