Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Ընդունեց Իտալահայ Գործարար Սարօ Խուտաւերտին

Ապրիլ 26-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց իտալահայ գործարար, բարերար, “Lerner Italy Srl” ընկերութեան սեփականատէր Սարօ Խուտաւերտին եւ անոր տիկնոջ` Սիրան Բորանեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան բարձր գնահատեց Խուտաւերտի ընտանիքի հայանպաստ գործունէութիւնը, մեծ ներդրումը հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ, կարեւորեց անոնց սերտ համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ: Նախարարի պաշտօնակատարն ընդգծեց` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու նոր փուլ կը սկսի, եւ այդ նոր աշխատանքին մէջ Սարօ Խուտաւերտիի գործունէութիւնը պէտք է օրինակելի ըլլայ: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նաեւ շնորհաւորեց հիւրը Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր ստանալու առթիւ:

Սարօ Խուտաւերտին մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է, Իտալիոյ մէջ ծաւալած նորաձեւութեան գործէն բացի` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը զբաղի շինարարական գործով: Այդքանով հանդերձ` ան իր կեանքին գործը կը համարէ Իտալիոյ հայ համայնքին աշխուժօրէն ծառայելը: «1983 թուականին առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան, ատկէ յետոյ համարեայ  ամէն տարի կու գամ հայրենիք: Այստեղ տուն  կառուցած եմ եւ ամէն անգամ մեծ սիրով կու գամ Հայաստան»,-նշեց իտալահայ գործարարը: Սպիտակի երկրաշարժէն, Արցախեան պատերազմէն մինչ օրս Սարօ Խուտաւերտին  շարք մը բարեգործութիւններ  կատարած է  Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:

«Ես նաեւ Միլանի Սուրբ Քառասուն մանկանց եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի ատենապետն եմ: Միլանի մէջ հայ համայնքը բաղկացած է 100 ընտանիքէ, համայնքը համախմբուած է հայ եկեղեցւոյ շուրջ»,-նշեց իտալահայ բարերարը: Ան յատկապէս կարեւորեց հայաստանեան շուկային մէջ իտալական ընկերութիւններուն կողմէ ներդրումներու հեռանկարները: «Ինչ կրնանք ընել Հայաստանի զարգացման համար, պատրաստակամ ենք ընելու»,-շեշտեց Սարօ Խուտաւերտին:

Scroll Up