Միայն Միասնաբար Կրնանք Կառուցել Հայրենիքը, Պաշտպանել Արցախը Եւ Կազմակերպել Սփիւռքը. Հրանոյշ Յակոբեան

Փետրուար 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռակապով հանդիպում նախարարութեան եւ Պելճիգայի հայ համայնqի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հայաստանէն հանդիպման կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներ, աշխատակիցներ:

Պելճիգայի հայ համայնքէն կը մասնակցէին Պելճիգայի հայերու կոմիտէի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան, Պելճիգայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Սարգիս Կարապետեան, մօտ երեք տասնեակ ներկայացուցիչներ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն, համայքնի կրթական, մշակութային, հասարակական, եկեղեցական կառոյցներէն, միութիւններէն, կուսակցութիւններէն:

Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց պելճիգահայ համայնքին վերջին շրջանին նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան եւ փոխգործակցութեան համար: «Ուրախ եմ, որ Պելգիայում կառուցւում են հայկական դպրոցներ, քանի որ հէնց դպրոցներն են մեր գոյութեան եւ լինելիութեան գրաւականները: Մեր նպատակն է, որ համայքների հայ մանուկները գոնէ մէկօրեայ հայկական դպրոցներ յաճախեն: Մեր միւս ցանկութիւնն է, որ իւրաքանչիւր հայորդի տեսնի Հայաստանը. Հայրենիքը վերացական պատկերացնելը շատ դժուար է, եւ վստահ եմ, ով մէկ անգամ զգում է հայրենի հողը, կապւում է նրան մէկընդմիշտ»,-նշեց Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարն ընդգծեց նաեւ, որ հայաստանեան բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններում մէջ սփիւռքահայ 70 ուսանողներ կրնան ստանալ մանկավարժական անվճար կրթութիւն, եւ յորդորեց Պելճիգայի հայ համայքնի երիտասարդներուն գալ եւ կրթութիւն ստանալ հէնց Հայրենիքի մէջ:

Խօսելով 2018 թուականի ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու մասին` Սփիւռքի նախարարը նշեց. «Այս տարին մեզ համար շատ կարեւոր է լինելու եւ՛ ազգային, եւ՛ քաղաքական, եւ՛ միջազգային առումներով: Համայն հայութիւնը նշելու է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Սարդարապատի հերոսամարտերի 100, Երեւանի 2800 ամեակները, կարեւորագոյն իրադարձութիւն է նաեւ  Հայաստանում Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան XVII-րդ գագաթնաժողովի անցկացումը: Այս յոբելեանները պէտք է նշուեն ոչ միայն  Երեւանում, այլեւ բոլոր հայկական համայքներում»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յորդորեց համայնքային ներկայացուցիչներուն աշխուժօրէն մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն եւ շեշտեց` ամառը կայանալիք «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կ’ունենայ մօտ 2000 մասնակից Սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն: Նախարարը նշեց, որ այս տարի տեղի կ’ունենան լրագրողներու եւ ճարտարապետներու համաժողովները, երիտասարդներու համահայկական հաւաքը, որոնք կը նպաստեն ոչ միայն  Հայրենիք-Սփիւռք, այլեւ Սփիւռք-Սփիւռք կապերու ընդլայնման ու սերտացման: Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նաեւ հայ համայքներուն կողմէ համաեւրոպական ձեռնարկներու, հաւաքներու իրականացումը:

Պելճիգայի հայերու կոմիտէի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան աշխատակիցներուն արդիւնաւէտ գործակցութեան համար եւ նշեց, որ համայքնը մեծ շուքով պիտի նշէ Հայոց պետականութեան 100 ամեակը, պիըի կազմակերպուին Հայաստանի մշակութային օրեր, ցուցահանդէսներ, հաւաքներ: «Մեզի համար առաջնային է նաեւ Երեւանի եւ Պրիւքսէլի քուրացումը»,-շեշտեց Կարէն Թադեւոսեան:

Պելճիգայի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան վարչութեան ատենապետ Սամուէլ Սարգսեան խօսեցաւ հայկական դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման անհրաժեշտութեան մասին:  Մեխելէնի «Անի» միութեան ղեկավար Էրիկ Ենոքեան յայտնեց, որ իրենց համայքէն ներս կը ստեղծուի գրադարան եւ խնդրեց նախարարութեան աջակցութիւնը այն գիտական եւ գեղարուեստական գրականութեամբ համալրելու հարցով: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ եւ՛ ուսուցիչներու վերապատրաստումը, եւ՛ գրադարանի համալրումը կ’ըլլան նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ կը ստանան համապատասխան ընթացք:

Այնուհետեւ հեռակապով հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին համահայկական խորհուրդի ստեղծման գաղափարը, տեղի յոյն համայնքին հետ համագործակցութեան հեռանկարները:

Ամփոփելով հանդիպումը` նախարարը մասնաւորապէս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ ձեզնից այն առողջ ու հայեցի մթնոլորտի համար, որ ստեղծել էք եւ ներկայացնում էք մեր երկիրն ու ժողովրդին Եւրոպայի սրտում: Գիտեմ, որ կարօտով ու սիրով էք սպասում լաւ լուրերի: Գիտեմ, որ շատ խնդիրներ կան եւ՛ համայնքում, եւ՛ հայրենիքում, ու միայն մեծ նուիրումով, աշխատանքով, սերտ համագործակցութեամբ է հնարաւոր լուծել դրանք, միայն միասնաբար կարող ենք կառուցել հայրենիքը, պաշտպանել Արցախը եւ կազմակերպել Սփիւռքը:

Scroll Up