ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ §Արարատ» Մարզամշակութային Կեդրոնի 70 ամեակին Առիթով Կազմակերպուած Ծառատունկին

Մարտ 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ իրանահայ համայնքի §Արարատ» մարզամշակութային կեդրոնի 70 ամեակին առիթով §Զուարթնոց» պատմամշակութային թանգարան-արգելոցի տարածքին մէջ կազմակերպուած ծառատունկին, որուն կը մասնակցէին նաեւ ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմատ Ռէյիսին, իրանահայ  խմբավար եւ երաժշտահան Լորիս Ճգնաւորեանը, §Արարատ» միութեան անդամները, իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ §Արարատ» մարզամշակութային կեդրոնի հիմնադիր, գրող Յակոբ Կարապենցի անուան դպրոցի սաները:

§Արարատ» մարզամշակութային կազմակերպութիւնը մեծ ներդրում ունի հայապահպանութեան, սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակման գործին մէջ: Միութեան 70 ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին իր առանձնայատուկ տեղն ունի Հայրենիքի մէջ կազմակերպուած այս ծառատունկը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց իրանահայութեան կեդրոնի 70 ամեայ յոբելեանին առիթով եւ նշեց, որ այսօրուան ծառատունկը հայրենիքի մէջ ամուր արմատներ ձգելու մեծ խորհուրդ ունի: Նմանատիպ կեդրոններու ստեղծումը այլ համայնքներու համար եւս ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման կարեւոր օրինակ պէտք է ըլլայ:

ԻԻՀ դեսպան Մոհամմատ Ռէյիսին բարձր գնահատեց հայ համայնքի աշխոյժ կենսագործունէութիւնը Իրանի մէջ եւ նշեց, որ համայնքի իւրաքանչիւր անդամ մեծ յարգանք կը վայելէ իրենց երկրին մէջ եւ իր ստեղծած բարիքներով իր նպաստը կը  բերէ ինչպէս հայ համայնքին, այնպէս ալ Իրանի զարգացման:

Ձեռնարկին մասնակիցները Զուարթնոցի տաճարին մօտ գտնուող 2 հազ. քառ. մեթր տարածքով հողամասին մէջ տնկեցին պտղատու եւ մշտադալար ծառեր: Ձեռնարկին աւարտին Յակոբ Կարապենցի անուան դպրոցի սաները հանդէս եկան հայրենասիրական երգերու եւ ասմունքի կատարումներով:

Scroll Up